Bible

Upgrade

Your Church Presentations in Minutes

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

1 Timothy 4

:
Armenian - 2019
1 Բայց Սուրբ Հոգին յայտնապէս կ՚ըսէ, թէ վերջին ժամանակներուն շատեր պիտի լքեն հաւատքը, ականջ տալով մոլորեցուցիչ չար ոգիներու եւ դեւերու ուսուցումներուն,
2 որոնք կը քարոզուին կեղծաւոր եւ ստաբան մարդոց կողմէ, որոնց խիղճը Սատանային կնիքով խարանուած է։
3 Մարդիկ՝ որոնք ամուսնութիւնը կ՚արգիլեն եւ կը հրահանգեն հեռու մնալ կարգ մը ուտելիքներէ. մինչդեռ Աստուած այդ ուտելիքները ստեղծեց՝ որպէսզի հաւատացեալ եւ ճշմարտութեան ճանաչումին հասած մարդիկ շնորհակալութեամբ վայելեն զանոնք։
4 Արդարեւ, Աստուծոյ բոլոր ստեղծածները բարի են եւ անոնց մէջ խոտելի բան չկայ, մանաւանդ զանոնք շնորհակալութեամբ ընդունողին համար.
5 որովհետեւ ամէն ինչ Աստուծոյ խօսքով եւ աղօթքով կը սրբուի։
6 Դուն, սակայն, Քրիստոս Յիսուսի իսկական ծառան կ՚ըլլաս՝ եթէ այս խրատները հաւատացեալ եղբայրներուն տաս, եւ ինքզինքդ սնուցանես այն հաւատքով ու ճշմարիտ ուսուցումներով, որոնց հետեւող եղար։
7 Իսկ պառաւներու յատուկ եւ հաւատքը պղտորող առասպելներէն ամբողջութեամբ հեռո՛ւ մնա։ Ինքզինքդ աստուածպաշտութեամբ ապրելու մարզէ.
8 որովհետեւ եթէ մարմինի մարզանքները որոշ բաներու օգտակար են, աստուածպաշտութիւնը ամէն բանի օգտակար է, քանի կը խոստանայ կեանք տալ՝ թէ՛ այս աշխարհի եւ թէ՛ հանդերձեալին մէջ։
9 Մէկ բան որոշ է, եւ ամէն մարդ պէտք է գիտնայ,
10 թէ՝ կը տքնինք եւ նախատինք կրել յանձն կ՚առնենք՝ որովհետեւ մեր յոյսը դրած ենք կենդանի Աստուծոյ վրայ, որ բոլոր մարդոց փրկիչն է, բայց մանաւանդ հաւատացողներուն։
11 Այս բաները պատուիրէ եւ սորվեցուր։
12 Եւ որպէսզի ոեւէ մէկը քեզ չարհամարհէ՝ երիտասարդ ըլլալուդ համար, հաւատացեալներուդ օրինակ եղիր՝ խօսքովդ, վարմունքովդ, սիրովդ, հաւատքովդ եւ մաքուր կենցաղովդ։
13 Մինչեւ գալս հոգ տար իրենց՝ Աստուծոյ խօսքէն կարդալով, յորդորելով զիրենք եւ սորվեցնելով։
14 Անփոյթ մի՛ գտնուիր այն շնորհքին նկատմամբ, որ մարգարէական հոգիով քեզի տրուեցաւ, երբ երէցները ձեռք դրին քու վրադ։
15 Այս ըսածներուս մասին խորհէ եւ զանոնք գործի վերածելու աշխատէ, որպէսզի ամէն մարդ յայտնապէս տեսնէ քու յառաջդիմութիւնդ։
16 Ուշադիր եղիր՝ թէ՛ դուն քեզի եւ թէ՛ սորվեցուցածիդ, եւ միշտ ալ այդպէ՛ս մնա, գիտնալով որ այդ ձեւով ո՛չ միայն ինքզինքդ կը փրկես, այլ նաեւ բոլոր քեզ լսողները։